2011-01-21 11:41:39

Անիի Եկեղեցիներուն եւ աիերակներուն Սրբապղծումը` Նորաձեւորութեան Ցուցադրութեան
Միջոցով


«Հետք» ելեկտրոնային պարբերականին համաձայն, նորաձեւութեան fashiongonerogue.com կայքէջը հրապարակած է նորաձեւութեան ձմեռնային եղանակի հաւաքածուի լուսանկարներ, որոնք նկարուած են Անիի աւերակներուն մէջ։Ձմեռնային հաւաքածուի այս լուսանկարները տպագրուած են «Elle Turkey» պարբերականի դեկտեմբերի թիւին մէջ՝ լուսանկարիչ Սենոլ Ալթուն եւ ոճաբան Մելիս Ակազատ զոյգին ձեւաւորումով։
Նկարահանումները կատարուած են այն տարածքներուն մէջ, ուր մուտք գործելու կամ լուսանկարահանումներ կատարելու համար անհրաժեշտ է տեղական իշխանութիւններուն յատուկ արտօնութիւնը։
Ցուցադրութիւնը արժանացած է կայքէջի այցելուներուն, յատկապէս հայերուն քննադատութեան։ Այցելուներէն մէկը՝ Վազգէն Ղազարեան յայտնած է, որ «ասիկա Հայաստանի միջնադարեան ամէնէն յայտնի մայրաքաղաքն էր։Շրջակայքը ամէն ինչ կ՚ըսէ, եւ նորաձեւութեան այս ցուցադրութիւնը ամբողջովին չի համապատասխաներ տեղանքին։ Ասիկա նոյնն է, ինչ որ պոռնկագրական ժապաւէնի նկարահանումները՝ Վատիկանի մէջ։ Համադրումը յաջող չէ կատարուած։
«Ինչո՞ւ այս հրաշալի կառոյցները քանդուած են։Որովհետեւ այն հայերը, որոնք հոգ տարած են անոնց , դուրս քշուած են 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան երիտասարդ թուրքերու բանակին կողմէ։ Այդ մարդոց մէջ գտնուած է նաեւ 15 տարեկան մեծ հայրս՝ իր մօր եւ քրոջ հետ», կը գրէ Փոլ Համբարձումեան եւ կը պատմէ, որ մեծ հօրը մայրը եւ քոյրը մահացած են ճամբուն վրայ, ուր ան թաղած է զանոնք եւ հեռացած։Մեծ հայրը մնացած է մինակ, անտուն եւ առանց ինչքերու։
Փոլին մեծ հայրը նստած է Կիպրոս գացող նաւը, ուր ծնած է Փոլին հայրը։Վերջինս մեկնած է Լոնտոն, ուր ծնած է Փոլ եւ կ՚ապրի հոն։Փոլ կը շեշտէ, որ ոչ ոք կրնայ իր պատմութիւնը ժխտել։








All the contents on this site are copyrighted ©.